2010-11-06 13:24:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Սպանիա` ՜՜ Եւրոպային Հաւատքի Աղբիւրը ։


Շաբաթ 6 նոյեմբեր 2010ի առաւօտեան ժամը 8.30-ին, սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին երկու օրուայ հովուական այցելութիւնը Սպանիա` այցելութիւնը ունի երկու հանգրուաններ. ուխտագնացութիւն Սանդիակո՝ Սան Ճիագոմօ տէ Գոմբոսթելա սրբավայրը, մասնակցելու՝ Յակոբեան յոբելենական տարւոյն, եւ ապա այցելելութիւն Պարչելոնայի` ՜՜Սակրատա ֆամիլիա՝՝ Ս. Ընտանիքի նուիրուած աշխարահռչակ եկեղեցին անոր օծման արարողութեան առթիւ։
Իր քահանայապետութեան ընթացքին ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը կ̓ այցելէ Սպանիան։ Իսկ յառաջիկայ 18 - 21 օգոստոս 2011ին՝ նախատեսուած է Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Մատրիտ, գլխաւորելու՝ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2010ի առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց Եւրոպայի հինգ վայրեր. Մալթան` ապրիլ 17-18, Փորթուկալ՝ մայիս 11-14, ապա Կիպրոս՝ 4-6 յունիս, Անգլիա՝ սեպտեմբեր 16-19, եւ հուսկ՝ այս վերջինը ՜՜ Սպանիա՝՝ 6-7 նոյեմբեր։
Նշենք թէ Սրբազան Հայրը առաջին անգամ Սպանիան այցելեց 2006ին, ուր Սպանիայի Վալենսիա քաղաքին մէջ գլխաւորեց ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը։
Յայտնենք նաեւ՝ թէ Ս. Յակոբ տէ Գոմբոսթելա թեմի առաջնորդը 2010ը հռչակած է Յակոբեան ս. տարին։ Այս յոբելենական սուրբ տարին կը հռչակուի ամէն անգամ որ Սուրբ Յակոբին տօնը` որ կը յիշատակուի 25 յուլիսին` կիրակի օրուայ հանդիպի կը զուգադիպի։ Այս աւանդութիւնը սկսած է 9րդ դարուն, երբ յատնաբերուեցաւ սուրբին գերեզմանը Կալիսիայի մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի 18-րդ ճամբորդութիւնն է այս, 12-րդը եիրոպայի մէջ եւ ինչպէս նշեցինք երկրորդը դէպի Սպանիա։
Քահանայապետական սաւառնակը Սանդիակօ Տէ Գոմբոսթելլայ ժամանեց ժամը 11.30 ին ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան Սպանիոյ թագաժառանք իշխան ֆելիփի եւ իր կողակիցին Լեդիցիայի, Սանդիակօ Տէ Գոմբոսթլլայի Արքեպիսկոպոսին ու կառավարութեան ներկայացուցիչներուն։
Ժամը 12.15 -ին Սանդիակօ Տէ Գոմբոսթելլայի օդակայանի մէջ, Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ թագաժառանգ եւ Ասդուրի իշխան ֆելիփին եւ իր կողակիցին՝ Լեդիցիայի հետ ։ Ժամը 12.30ին տեղափոխուեցաւ ՜՜քահանայապետական յատուկ կառքով>> դէպի Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլայի տաճարը ուր հասաւ ժամը 13-ին եւ կատարեց ՜՜ուխտաւորի պարտականութիւնը՝՝, այցելելով նաեւ սուրբին դամբանը այնտեղ Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց որմէ ետք գլխաւորեց աւանդական ՜՜խնկարկումի՝՝ արարողութիւնը։
Սպանացի կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու հետ, Սանդիակօ Տէ Գոմբոսթելլայի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքէն ետք Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ ՜՜Փլազա տէլ Օպրատօիրօ՝՝ ուր՝ ժամը 16.30-ին նախագահեց ՜՜Յյակոբեան Յոբելենական Տարւոյն՝՝ առթիւ Սուրբ Պատարագին որուն ընթացքին արտասանեց նաեւ քարոզ մը։
Պատարագէն ետք, նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ ընդդիմութեան Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Տիար Մարիանօ Րահոյ Պրէյի ու անոր կողակիցին հետ, որմէ ետք ինքնաշարժով կ՝ուղղուի Սանդիակօ Տէ Գոմբոսթելլայի օդակայանը որմէ անցնելու՝ Պարչելլոնա ուր եւ պիտի գիշերէ Պարչելլոնայի առաջնորդարանին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.